Posted in Հարաւային դպրոց, Հիւսիսային դպրոց, Միջին դպրոց, Արեւելեան դպրոց, Արեւմտեան դպրոց

Արի կարդանք

«Արի» գրականութեան հիմնադրամի կազմակերպութեամբ, արեւմտահայերէնով հեքիաթներու ընթերցումի շարքը պիտի սկսի: Առաջին ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Keerk&co (Մարշալ Բաղրամեան 3Ա, Երեւան) քաֆէին մէջ, ժամը 12:00-ին,ուր յաճախ տեղի կ’ունենան նման մշակութային ձեռնարկներ՝ ընթերցումներ, գիրքերու շնորհանդէսներ եւ այլն: Բոլորիդ անհամբեր կը սպասենք,որպէսզի ունկնդրէք Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հրատարակած, «Զարդիս» մանկական-մանկապատանեկան թարգմանական մատենաշարի հեքիաթներէն մին՝ «Մինչ մազերս կ’երկննային» խորագրով հետաքրքրական հեքիաթը:

Կցեալ կը գտնէք «Արի» գրականութեան հիմնադրամի սոյն ծրագրին մանրամասնութիւնները յայտնող յղումը: Նաեւ կը կցեմ face book-ի էջը: /https://www.facebook.com/ariliterature/

Leave a comment